2013-08-07 15:07:23

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պատգամը Արժանթինի Ժողովուրդին` Ս. Կայեթանոյի Տօնին Առթիւ։


Արժանթինի պաշտպան սուրբ` Ս. Կայեթանոյի տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Արժանթինի ժողովուրդին ըսելով` ''ինչպէս ամէն տարի շարքի կը կենայի մեծարելու սուրբ Կայեթանոյի արձանը այս տարի սրտով շարքի կեցած եմ։ Ձեզմէ քիչ մը հեռու եմ եւ կարող չեմ ձեզի հետ բաժնել այս գեղեցիկ պահը։ Այս պահուս դուք կը յառաջանաք դէպի ս. Կայեթանոյի արձանը ։ Ի՞նչ բանի համար։ Անոր հետ հանդիպում ունենալու, Յիսուսի հետ հանդիպում ունենալու։ Այս տարուայ ընտրուած նշանաբանը կ'ըսէ ''Յիսուսի եւ ս. Կայեթանոյի հետ դիմաւորենք կարօտեալները''։ Նշանաբանը կը խօսի կարօտեալներու հետ հանդիպումի մասին, ձեռք տանք անոնց, սիրենք զանոնք ու բաժնենք անոնց ցաւն ու անձկութիւնը, անոնց հարցերը։ Սակայն ամենէն կարեւորը այն է որ զանոնք միյայն հեռուէն դիտելու չենք, հեռուէն օգնելու չենք։ Երթանք ու զանոնք դիմաւորենք։ Այս է քրիստոնէութիւնը, այս է ինչ որ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ. երթալ ու դիմաւորել ամենէն կարօտեալները, ինչպէս Յիսուս միշտ դիմաւորած է ամբոխը։
Երբեմն, մէկու մը կը հարցնեմ. դուն ողորմութիւն կու տա՞ս։ Ինծի կը պատասխանէ, այո վարդապետ։ Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, կը նայի՞ս աղքատին աչքերուն. Ո՛չ կը պատասխանէ։ Հետեւաբար իրեն կ'ըսեմ դուն ողորմութիւնը նետեցիր ու անցար։
Երբ ողորմութիւն կը կատարես հարկաւոր է ձեռնուիլ աղքատին հետ, անոր հետ հանդիպիլ։ Յիսուս ամենէն առաջ մեզի կը սորվեցնէ հանդիպիլ մարդոց եւ ապա անոնց օգնել։ Հարկաւոր է զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը։ բազմաթիւ են անհամացայնութիւնները ընտանիքի մէջ, թաղամասէն ներս, աշխատավայրի մէջ։ Անհամաձայնութիւնները չեն օգներ եւ արդ հարկաւոր է հանդիպումի մշակոյթը։
Դուք որ Ս. Կայեթանոյի սրբավայրը համախմբուած էք, ներկայացուցէք Յիսուսի ձեր հոգերը, ան ձեզ շատ կը սիրէ, նոյնպէս եւ ս. Կայեթանոն ձեզ շատ կը սիրէ։ Ձեզմէ մէկ բան կը խնդրէ. ''իրարու հետ հանդիպիլ'', կարօտեալներուն հետ հանդիպիլ, առանձին մի երթաք, այլ գացէք Յիսուսի ու ս. Կայեթանոյի հետ միասին։ Երբ հանդիպում ունենաք կարօտեալին հետ ձեր սիրտը կը սկսի մեծնալ, որովհետեւ հանդիպումը սիրտը կը լայնցնէ ու զայն ատակ կը դարձնէ աւելի սիրելու։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր պատգամը կ'եզրակացնէ իր առաքելական օրհնութիւնը տալով եւ խնդրելով Տիրոջմէն որ երկրին պարգեւէ հաց ու աշխատանք ու հաւատացեալներէն կը խնդրէ որ իրեն համար աղօթեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.